
Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրամիութեան յատուկ ներկայացուցիչ՝ Թոյվօ Քլաար, արձագանգած է Լեռնային Ղարաբաղ կազի մատակարարման ամբողջական դադարեցման մասին։ Երէկ կէսօրին Ատրպէյճան դարձեալ դադրեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղ կազի մատակարարումը, որը վերականգնած էր նախորդ օր: Օլիվիէ Տեքոթինին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: Նոր դեսպանը կը սկսի գործել 2023 թուականի 21 Յուլիսին։ Երէկ Երեւանի մէջ սկսաւ «Ոսկէ ծիրան» 20-րդ յոբելենական միջազգային ֆիլմերու փառատօնը: Այս տարի տեղի կ՛ունենայ Յուլիս 9-16։ Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը կայացաւ Կարէն Տէմիրճեան անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ։




