Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 21 Յունիս. 2023

21 Յունիս ժամը 04:00-ին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը Մարտակերտ շրջանի ուղղութեամբ հրադադարը խախտած են` կիրառելով հրաձգային զէնք։ Հայկական կողմը կորուստներ չունի։ Հրադադարի խախտման մասին հաղորդուած է Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։

Հայաստանի մէջ Եւրամիութեան առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթեր եւ դեսպան Անտրէա Վիկթորինը ողջունեցին ԵԽ պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազօն եւ SEDE պատուիրակութիւնը, որոնք Սիսիանի օդակայանին մէջ միացան Եւրամիութեան դիտարկման խումբին ՝ Լաչինի միջանցքին ծրագրուող պարեկութեան համար: Այս մասին գրուած է Հայաստանի ԵՄ դիտորդական պատուիրակութեան Թուիթըրի էջին։

Փախստականներու համաշխարհային օրուան առիթով Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ընէ չանտեսել Ատրպէյճանի ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը:

«Ներսես Շնորհալի՝ բազմաշնորհ հայրապետը» խորագիրով հայագիտական միջազգային գիտաժողովը, տեղի պիտի ունենայ 21-23 Յունիսին , որը կազմակերպած է Մաշտոցի Մատենադարանը Երեւանի մէջ:

Կարդացեք նաև

Back to top button