
16 Յունիսի՝ ժամը 10:00-ին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զենքերով կրակած են Երասխի մէջ օտար երկրի ներդրումներով կառուցուող մետաղի գործարանին ուղղութեամբ, կը յայտնեն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն։ Այսօր կառավարութեան ղեկավարը նախքան օրակարգային հարցերու քննարկումը, խօսեցաւ Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքին ապօրինի անցակէտ տեղադրելու հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակի սրման մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտում իրականացնելու Ատրպէյճանի քաղաքականութեան:
«Հայաստանի տարածքով միջանցքային որեւէ տրամաբանութիւն անընդունելի է: Այս իմաստով կ՛ակնկալեմ, որ միջազգային գործընկերները Ատրպէյճանի կողմէն օգտագործուող սադրիչ բառապաշարի գործածումէն խուսափին»,- ըսաւ վարչապետը կառավարութեան նիստին։
Երէկ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածեց Լաչինի միջանցքին ամբողջական փակման կապակցութեամբ, ուր մասնաւորապէս ըսուած է. «Յունիս 15-ին ատրպէյճանական կողմը, Հակարիի կամուրջին վրայ դիտաւորեալ կերպով դիմելով սադրանքի, երկու ուղղութիւններով ամբողջովին արգելափակեց մարդասիրական բոլոր ուղեւորափոխադրումները եւ բեռնափոխադրումները Լաչինի միջանցքով»։




