
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ։ Վարչապետը շեշտած է Ատրպէյճանի կողմի տարածաշրջանային անվտանգությունը խարխլող գործողութիւններուն միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը եւ գործօն քայլերու ձեռնարկումը՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռի անվերապահ կատարման ուղղութեամբ:
Արցախի կառավարութեան եւ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի ջանքերուն արդիւնքով երէկ յաջողուած է մասնակիօրէն վերականգնել վերջին օրերուն՝ Արցախ-Հայաստան սահմանագիծին ադրբեջանի ապօրինի անցակէտի տեղադրման պատճառով խափանուած մարդասիրական բեռներու փոխադրումը Հայաստանէն , կը տեղեկացնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը։ Այսօր՝ 26 ապրիլին, Սիւնիքի օդանակայանը մօտ երեսուն տարի դադարէն յետոյ օդանաւ իջաւ, թռիչքը փորձնական բնոյթ կը կրէր: Կապանի օդակայանը վերանորոգուած է միջազգային չափանիշներուն համաձայն: Այս թռիչքը պատմական էր։




