
Գիշերուան ընթացքին թշնամիի կողմէն հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած, յայտնեց Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Ըստ գերատեսչութեան, ժամը 08:00-ի դրութեամբ առաջնագիծին իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ յարաբերականօրէն կայուն:
Ատրպէյճանի զինուած ուժերը 11 Ապրիլի կէսօրէ ետք կրակ բացած են Սիւնիքի Տեղ գիւղի հատուածին մէջ ճարտարագիտական աշխատանք կատարող հայ զինուորներուն ուղղութեամբ՝ պատճառելով 4 զոհեր եւ 6 վիրաւորներ։ Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արամ Թորոսեան, որ աւելցուց, թէ ատրպէյճանական կողմը ունի մեծաթիւ զոհեր։
Երեւանը կոչ կ՛ընէ միջազգային հանրութեան եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեամբ ու կայունութեամբ հետաքրքրուած բոլոր գործընկերներուն՝ հասցէական յայտարարութիւններու եւ յստակ քայլերու միջոցով դատապարտել Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ գործողութիւնները։




