
Երեւան ողջունեց Արդարադատութեան միջազգային դատարանի` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած հրատապ միջոցներու կիրարկման մասին միջնորդութիւններու վերաբերեալ որոշումները։ Այս մասին ըսուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Ամերիկան յոյս ունի յառաջընթաց տեսնելու հայ-ատրպէյճան կարգաւորման հարցով՝ յառաջիկայ օրերուն Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի կողմէն կազմակերպուած հանդիպումի ընթացքին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Սուրիա ժամանեց: Դամասկոսի օդակայնին մէջ նախարարին դիմաւորեց Սուրիոյ ԱԳ նախարար Ֆէյսալ Ալ Միքտատ: Արարատ Միրզոյեան Դամասկոսի մէջ պիտի հանդիպի նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հետ, եւ յետոյ պիտի մեկնի Հալէպ: Հայաստան մարդասիրական օգնութեան երրորդ խմբաքանակը ուղարկեց Սուրիա։





