
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ իբր Հայաստանի Զինուած ուժերը գիշերը կրակած են հայ-ատրպէյճան սահմանի հիւսիս-արեւելեան եւ արեւմտեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան: Կը յայտնեն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն։
«Եւրանեսթ» Ատրպէյճանին կոչ կ՛ընէ ազատ արձակել հայ գերիները եւ լուծել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական չկարգաւորուած հարցերը. Արման Եղոյեան։
Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանին վայրկեաններու տարբերութեամբ արձանագրուած վերջին երկու երկրաշարժներուն պատճառով՝ Սուրիոյ սահմաին ամէնէն մօտիկ վայրը՝ հայկական Քեսապն է, մենք կապ հաստատեցինք Քեսապ , շուտով մեր զրոյցը ներկայ իրավիճակի մասին ամբողջութեամբ կրնաք լսել ։





