
Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Պելճիքայի Արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպի հետ, կը յայտնեն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն։ Կողմերը կարեւոր նկատած են Եւրամիութեան խորհուրդի կողմէն Հայաստանի մէջ քաղաքացիական մշտադիտարկման առաքելութիւն տեղակայելու որոշումի ընդունումը։
Եւրամիութիւնը 2 տարի ժամկէտով նոր քաղաքացիական առաքելութիւն պիտի ուղարկէ Հայաստան։ Եւրամիութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ կանոնաւոր պարեկութիւն պիտի կատարէ եւ զեկուցէ իրավիճակի մասին: Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական կաթողիկէ եկեղեցւոյ կացարանային հատուածին հրդեհ բռնկած է ։ Հրշէջ-փրկարարները կրակը մարած են, սակայն որոնողական աշխատանքներու ընթացքին 2 անձի դիակ յայտնաբերուած է , կը հաղորդէ Ermenihaber.am։





