
Արդէն 10 օր է՝ Արցախը ամբողջական շրջափակման մէջ է: Դեկտեմբեր 12-ի առաւօտեան Ատրպէյճանի կողմը բնապահպանական կեղծ պատրուակներով փակեց Լաչինի միջանցքը, որը Արցախը Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհին հետ կապող միակ ճամբան է: Հայաստանէն ամէն օր 400 թոն սննդամթերք ու դեղորայք կարելի չէ հասցնել Արցախ:
Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան, Երեւաի մէջ նստացոյցի դիմեց ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին դիմաց: «Ուրախ եմ, որ Հայաստանի հանրապետութեան դիմումի հիման վրայ յաջողեցաւ նման քննարկում կազմակերպել ՄԱԿ-ի մէջ, սակայն սա Արցախի կարճաժամկէտ ու երկարաժամկէտ հիմնախնդիրներու լուծման գործով ՄԱԿ-ի համապարփակ ներգրաւման գործընթացի միայն սկիզբն է», յայտարարեց Բեգլարեան։
«Հաւատացած եղէք, որ համաշխարհային մարտահրաւէրներով լի այս բարդ ժամանակահատուածին Հայաստան կ՛աջակցի միջազգային խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղուած Ձեր բարձր առաքելութեան։ Հայ ժողովուրդը կը կիսէ բարեկամ Ֆրանսայի հետ մեզ միաւորող ժողովրդավարութեան, հիմնարար ազատութիւններու եւ քաղաքակրթական բարձրագոյն արժէքները»։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին՝ ծննդեան տարեդարձին առիթով:




