
Արցախի Պաշտպանութեան բանակը յայտնեց, որ իրադրութիւնը շփման գիծին գիշերը յարաբերական կայուն եղած է՝ չնայած պահպանուող որոշակի լարուածութեան։
Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին հետ միասին քայլեր կը ձեռնարկուին իրավիճակի յետագայ կայունացման ուղղութեամբ։ Ըսուած է Պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան մէջ։
Հայաստանի մէջ այս տարուան առաջին կիսամեակին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ շինարարութեան ծաւալները աւելցած են 12.7 տոկոսով:
Ինչպէս կը հաղորդէ Հայաստանի վիճակագրական կոմիտէի տուեալները, կատարուած է ընթացիկ գիներով ընդհանուր առմամբ 149 միլիառ 030.6 միլիոն դրամի շինարարութիւն:
Հայաստանի լողի հաւաքականը Օգոստոսի 11-21 Հռոմի մէջ պիտի մասնակցի ջրային մարզաձեւերու Եւրոպայի առաջնութան: Նախքան Եւրոպայի առաջնութեան մեկնիլը, Արթուր Բարսեղեան Ս․ Փեթերսպուրգի մէջ՝ օրերս մասնակցեցաւ բանակայինների աշխարհի խաղերու լողի մրցումներուն եւ նուաճեց ոսկի մետալ:




