ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յուլիս 21. 2022

Հայաստանի կառավարութեան 21 Յուլիսի նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ դատական բարեփոխումներու աշխատանքին ուղղուած քննադատութիւններուն: Վարչապետը նշեց, որ ինքը նոյնպես գոհ չէ եւ այդ մասին բարձրաձայնած է, սակայն նկատեց, որ շարք մը ուղղութիւններով զգալի աշխատանք եղած է ու այդ արձանագրած են Հայաստանի միջազգային գործընկերները:

Արցախի կառավարութեան կողմէ արդէն աւելի քան 1000 բնակարան տրամադրուած է․ այս տարի եւս 600-ը շահագործման պիտի յանձնուի ։

«Հայաստանի մէջ հոս է, որ առաջին անգամ բեմադրուած է «Անուշ» օփերան»:ըսած է ֆրանսահայ դերասան Սերժ Աւետիքեան։ Կիւմրիի մէջ այսուհետեւ ուսանողները կարելիութիւն պիտի ունենան զարգացնելու նաեւ իրենց դերասանական հմտութիւնները: Թատերական արուեստանոցը պաշտօնապէս սկիզբ առաւ յուշագիրի մը ստորագրութեամբ՝ Աւետիքեանի եւ ԹՈՒՄՕի զարգացման տնօրէն Բեկոր Փափազեանի միջեւ:

Կարդացեք նաև

Back to top button