Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 8. 2022

Աշխատանքային այցով 8-9 Յունիսին Երեւան կը ժամանէ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերգեյ Լաւրով: Հայաստան այցի շրջանակներուն մէջ նախատեսուած են Սերգեյ Լաւրովի հանդիպումները նախագահին եւ վարչապետին հետ:

Եւրոպայի խորհրդարանը կրկին կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը ։ Պատգամաւորները յոյս յայտնած են, որ այդ կրնայ օգնել Հարաւային Կովկասի մէջ յարաբերութիւններու կարգաւորման։

9-10 Յունիսին Երեւանի նմէջ տեղի պիտի ունենայ Հաւաքական անվտանգութիւն պայմանագիր կազմակերպութեան արտգործ նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստը:

Կարդացեք նաև

Back to top button