
Այսօր «Վերջին զանգ» է։ Այս տարի 12-րդ դասարանը կ՛աւարտեն մօտ 21 հազար, իսկ 9-րդ դասարանը` աւելի քան 34 հազար 500 շրջանաւարտներ:
Ոստիկանութիւնը ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն կը յորդորէ օրուան տօնականութիւնը չխաթարել եւ ձեռնպահ մնալ անչափահասներուն մեքենայ տրամադրելէն եւ ոչ սթափ վիճակի մէջ մեքենայ վարելէն։
Կ՛ուզեմ հաւատաք աշխարհն ու մեր հայրենիքը դէպի լաւը փոխելու ձեր առաքելութեան․ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց շրջանաւարտները վերջին զանգի առիթով։
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ 2, Յունիսի երեկոյեան եւ գիշերը Հայաստանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակած են հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելան հատուածին տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ՝ հերթական ապատեղեկութիւնն է։




