Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 30. 2022

Հայաստանի քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական բաժնին մէջ, յարուցուած է քրէական գործ՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու մարտական դիրքէն արձակուած կրակոցէն զինծառայող՝ Դաւիթ Վահանի Վարդանեանի սպանութեան դէպքին պատճառով:

Հայաստան կը դատապարտէ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կողմէն հրադադարի կոպիտ խախտումը․ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածեց մայիսի 28-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէն հրադադարի խախտման վերաբերեալ։

«Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան»․ յայտերը ներկայացնելու վերջին ժամկէտը Յուլիս 1-ն է։ Կը յայտնեն Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն: Վերապատրաստման համար մասնակիցները աշնան երկու շաբաթով Հայաստան պիտի գան։

Կարդացեք նաև

Back to top button