
Աս երկու հարեւան երկիրները իրարու կից են , բայց իրարմէ հեռացած, սահմանները փակ են։ Դռները բացուին երթալ-գալ ըլլայ «էհ լաւ կ՛ըլլայ»,- ըսաւ Պոլիսէն եկած մեր հայրենակիցը։
Պոլսոյ Համայնքային շրջանակներու այնքան սիրելի դէմքերէն՝ շինարարութեան ճարտարագէտ Նազար Պինաթլը մասնագիտական գետնի վրայ մեծարուած է 50 տարուան գործունէութեան համար, Թուրքիոյ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու պալատի Սթանպուլի մասնաճիւղին կողմէ։ Նազար Պինաթլը, ասպարէզէն ներս կէս դարը բոլորած ըլլալով, արժանի նկատուած է պատուոյ գիրի, որ իրեն յանձնուած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին Պալեաններու պատած շէնքի դահլիճին մէջ։
Ան մասնագիտական իր պաշարը միշտ սիրայօժար ի սպաս դրած է համայնքային բազում կառոյցներու՝ մասնաւորապէս կրթօճախներու վերաբերեալ շինարարութեան ծրագիրներ կեանքի կոչուած են իր եռանդուն մասնակցութեամբ։ Ճարտարագէտը երկար ժամանակէ ի վեր մասնագիտական գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ Հայաստանի մէջ։
Նազար Պինաթլը, միեւնոյն ժամանակ, ՀԱՅՃԱՐ հարթակի համահիմնադիրներէն է, ուր համախմբուած են համայնքի մասնագէտները, որոնք լուրջ ներդրում կ՛ապահովեն պոլսահայութեան։ 25 տարի առաջ հիմնադրուած այս միութեան նպատակը եղած է մէկտեղել հայ մասնագէտները եւ միացնել ուժերը, ինչպէս կը պատմէ մեր հիւրը։ Անոր 2 որդիները նոյնպէս ճարտարագէտներ են մասանգիտութեամբ եւ միացած վերոնշեալ հարթակին։
Հայաստանի Հանրային Ռատիոյի տաղաւարին մէջ մենք անդրադարձանք նաեւ այս օրերու քաղաքական հրատապ հարցերէն մէկուն՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն․ «Աս վերջին զարգացումները աւելի օգուտ պիտի ունենան թէ՛ երկու երկիրներուն թէ՛ շուրջի երկիրներուն ինչպէս՝ Պարսկաստանին Վրաստանին եւ Ատրպէյճանին»։ Ան նաեւ նշեց Երեւան-Սթանպուլ-Երեւան ուղիղ չուերթներու վերականգման մասին, սակայն յստակ ժամկէտ չնշեց ։
Նազար Պինաթլը ծնած է Օրթագիւղ , սակայն արմատներով Եոզկաթէն եկած են թէ հայրական, թէ մայրական կողմէ «1932-ին Սեւ ծովու ափէն դէպի Յունաստան տանող նաւը նեղուցէն անցնելու ատեն իջած են Պոլիս եւ այնտեղ ալ մնացած են»։ Հայրը դերձակ եղած է։
Ներկայիս Պոլսոյ մէջ կան 16 հայկական դպրոցներ, 3000-էն աւելի աշակերտութիւն․ 32 եկեղեցիներ, մօտաւորապէս 60 հազարի շուրջ հայ բնակչութիւն, կը տեղեկացնէ Նազար Պինաթլը աւելցնելով․ «Միշտ սա կ՛ըսեմ․ մարդոց իրարու հետ յարաբերութիւնները խաղաղ, լաւ որ ըլլան, երկու կողմին համար ալ մեծ օգուտ կ՛ունենայ, երկու սահմանակից հարեւան երկիրներ իրարու հետ լաւ ըլլան։ Շատ ցաւալի վիճակներ եղան, զոհեր տուինք, ասիկա 110 տարի առաջ ալ տուինք, ասոնք պիտի չի մոռնանք, բայց միշտ առջեւ նայելու ենք , յարաբերութիւնները դիւանգիտութեամբ լուծելու ջանանք»,-ըսաւ մեր հիւրը։
Պրն․ Նազար Թուրքիոյ մէջ շատերուն համար խթան հանդիսացած է , որպէսզի այցելեն Հայաստան եւ տուն տեղ հիմնեն, իմանան իրենց ազգային ինքնութեան մասին։ 20 տարիէ աւելի, որ Նազար Պինաթլը յաճախակի կ՛այցելէ Հայաստան` ունենալով իր ներդրումը հայրենիքին։









