
Այսօր՝ Պաշտօնական այցով Հայաստան կը ժամանէ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իվան Կորչոկ: Հայաստանի Արտաքինգործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սեպտեմբեր 14-ին պիտի կայանայ Հայաստանի եւ Սլովաքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն հանդիպումը:
Պաշտօնական այցի շրջածիրէն ներս նախատեսուած են հանդիպումներ Հայաստանի նախագահին, Հայատանի վարչապետին եւ Ազգային ժողովի նախագահին հետ։
Հայաստանի 6 մարզերուն մէջ Հոկտ․ 17-ին ՏԵղական ինքնակառավարման ընտրութիւններ պիտի ըլլան, մեծ մասը համամասնական ընտրակարգով։ Ընտրողները քուէարկելու են ոչ թէ անձի, այլ քաղաքական ուժի օգտին։ Յաղթող ուժը պիտի դառնայ մեծամասնութիւն աւագանիին մէջ եւ պիտի նշանակէ համայնքի ղեկավար։
Նախընտրական քարոզարշաւը կը սկսի Սեպտ․ 22-ին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 4 մլն տոլար յատկացուցած է Պուրճ Համուտի տուներու շինարարութեան համար։




