
Մոսկուան պիտի աջակցի ղարաբաղեան կարգաւորման հարցով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու աշխատանքի աշխուժացման. յայտարարեց Ռուսաստանի ԱԳՆ ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան։
«Ներկայիս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ռուս նոր համանախագահը՝ Իգոր Խովաեւ տարածաշրջանային ուղեւորութիւն կը կատարէ: Ան արդէն բանակցութիւններ վարած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ, կը նախատեսուի Երեւանի մէջ նոյնպիսի հանդիպումներ»,- նշեց Զախարովան:
Հայաստան յանձնառու է տարածաշրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման, սակայն Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները, ներառեալ՝ ատրպէյճանական Զինուած ուժերու ներթափանցումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք, լարուածութեան նոր օջախներ կը ստեղծէ եւ կը խաթարէ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը:
ԵԱՀԿ Գլխաւոր քարտուղար Հելքա Մարիա Շմիտին հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին շեշտած է Արարատ Միրզոյեան: Տեղեկութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի ԱԳՆ մամլոյ ծառայութիւնը։ Հայաստանի մէջ անօդաչու սարքերու համար առաջին ուսումնական զինափորձարանը արդէն գրեթէ պատրաստ է եւ պիտի փորձարկուի Սեպտ․ 18-ին: Մրցոյթը կազմակերպուած է ResponDrone ծրագիրով, որը կը հովանաւորուի Եվրամիութեան եւ Հարաւային Քորիայի կողմէ:




