Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Օգոստոս 17, 2021

Այսօր Ազգային ժողովի նիստը սկսաւ մեկ վայրկեան լռութեամբ. պատգամաւորները յարգեցին Օգոստոս 16-ին ատրպէյճանի յարձակումին հետեւանքով զոհուած՝ Հայաստանի Զինուած ուժերու երկու զինծառայողներուն յիշատակը:

Հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի եւ Գեղարքունիքի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերուն կողմէ արձակուած կրակոցներուն հետեւանքով զոհուած են պայմանագրային զինծառայող Վահան Թաթոսեան եւ ժամկէտային զինծառայող Արման Յակոբեան:

Ատրպէյճանական իշխանութիւնները ի սկզբանէ կը գործեն միջազգային կանոններուն բացայայտ խախտումներով եւ պատասխանատւութիւն կը կրեն Օգոստոս 16-ին Երասխի եւ Գեղարքունիքի մէջ երկու զինծառայողները սպաննելու համար:

Գրած է Հայաստանի Մարդու իրաւունքի պաշտպան՝ Արման Թաթոյեան։ Այդ փաստերն ու հիմնաւորումները պիտի ուղարկուին միջազգային կառոյցներուն։

Կարդացեք նաև

Back to top button