Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Օգոստոս 16, 2021

Օգոստոս 16-ի առաւօտեան ատրպէյճանական Զինուած ուժերը սադրանքի դիմած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի նախիջեւանի ուղղութեամբ, Երասխի հատուածին վրայ: ժամը 09:50-ի սահմաններուն,թշնամիի դիպուկահարի կրակոցէն մահացած է զինծառյող, 1975թ. ծնեալ, աւագ ենթասպայ Վահան Դիմիկի Թաթոսեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Մինչ գիշերը Հայ դիրքապահները կանխած են Սեւ լիճի հատուածին Ատրպէյճանի յառաջխաղացման փորձը. ծաւալուած փոխ հրաձգութեան ընթացքին թշնամին տուած է մէկ զոհ:

Հայկական կողմէն տուժածներ չեն եղած:

Այսօր՝ պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանեց Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Փուսթիժօն: Նախատեսուած են Փուսթիժոյի հանդիպումները Հայաստանի վարչապետին, Ազգային ժողովի նախագահին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ:

Կարդացեք նաև

Back to top button