
Սահմանադրական դատարանը կը շարունակի քննել Յունիս 20-ի ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող քաղաքական 4 ուժերու դիմումները։ «Հայաստան»եւ «Պատիւ ունիմ» դաշինքներ «Հայոց Հայրենիք» եւ «Զարթօնք» կուսակցութիւններու դիմումներու քննութիւնը: Այսօր 4-րդ օրն է, որ քննութիւնը կը շարունակուի։
Կառավարութիւնը Յուլիսի 12-ին արտահերթ նիստ հրաիիրեց՝ քննարկելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան 2022-2024 թուականներու պետական միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան պարտքի բեռի նուազեցման 2022-2026 թուականներու ծրագիրը հաստատելու մասին հարցը:
Սոչիի մէջ այսօր կը սկսի ճատրակի աշխարհի գաւաթի խաղարկութիւնը: Հայաստանը Սոչիի մէջ կը ներկայացնեն Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Շանթ Սարգսեան, Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Էլինա Դանիէլեան: Սակայն մեր հայրենակիցները կան նաեւ այլ երկիրներու պատուիրակութիւններուն մէջ, ինչպես՝ Սամուէլ Սեւեան, Վարուժան Յակոբեան, Տաթեւ Աբրահամեան՝ Ամերիկա, Գրիգոր Սեւակ-Մխիթարեան՝ Պրազիլ:





