
Մառախուղի պատճառով ապակողմնորոշուած եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ յայտնուած Հայատանի Զինուած ուժերու պայմանագրային զինծառայող Ա․ Քաթանեան Յունիս 9-ի առաւօտեան վերադարձուեցաւ հայկական կողմին Ստեփանակերտի մէջ, զօրավար Մուրատովի ջանքերով:
Ամերիկան Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջազգային սահմանի՝ չսահմանազատուած հատուածին վրայ որեւէ քայլ կը համարէ սադրիչ եւ կողմերուն կոչ կ՛ընէ որքան կարելի է շուտ վերադառնալ բանակցութիւններու ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարատեւ քաղաքական կարգաւորման հասնելու համար։
Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերը կրակած են մայրաքաղաք Դամասկոսի երկնքին յայտնուած թիրախներու ուղղութեամբ, յայտնեց սուրիական «SANA» պետական լրատուական գործակալութիւնը: Կը հաղորդուի, որ Դամասկոսի ուղղութեամբ հրթիռներ արձակուած են Իսրայէլի Զինուած ուժերուն կողմէ Լիբանանի օդային տարածքէն:





