ԿարևորՀասարակություն

Քաջալերենք հայկականը․ զրոյց Հայաստանի մասին Լուսի Վարդեվանեանի հետ

Լուսի Վարդեվանեան Մեծ Պրիթանիայէն տեղափոխուած է Հայաստան 2005 թուականին։ Ան զբօսաշրջութեան եւ հիւրանոցներու կառավարման ոլորտին մէջ լաւ հիմքեր ունի։ «Հայրենիքի զարգացման նախաձեռնութիւն» հիմնադրամին կողմէ փառատօն համակարգողի պաշտօնը ստանձնած էր Հայաստանի մարզերուն մէջ, ինչպէս Տաթեւի, Թալինի եւ Վարդենիսի մէջ նպատակ ունենալով զարգացնել զբօսաշրջութիւնը։

Լուսի ծնած է Կիպրոս, որուն մեծ մայրը յոյն եղած է, սակայն հայ ընտանիք մը որդեգրած ու մեծցուցած են իբրեւ հայ , իսկ հօրը կողմը եղած են սիսեցիներ։ Ան ներկայիս կը բնակի Կոտայք մարզի Նոր Գեղ գիւղը, որովհետեւ Լուսիի համար կարեւոր է բնութիւնը։ «Այս երկիրը դեռ շատ երիտասարդ է եւ դեռ շատ փոփոխութիւններէ պիտի անցնի, լաւատեսութիւնը ժամանակով կու գայ , ոչ թէ մէկ անգամէն»․- կ՛ըսէ Լուսի։

Զրուցակիցս պարբերաբար կամաւոր կերպով կը մասնակցի Հայաստանի Կանաց ռեսուրս կեդրոնիին աջակցելու այլ կարիքաւոր կանանց, յատկապէս ընտանեկան բռնութեան զոհերուն։ «Հայաստանի մէջ դեռ եւս կան կանանց բռնութեան դէպքեր, մենք պէտք ունինք մտածելակերպի փոփոխութեան, թէեւ 20 տարի առաջ եւ հիմա շատ փոփոխութիւն կը նկատուի»,- կ՛ըսէ  ։

Լուսին խորհրդատու է, կը սիրէ կիսուիլ եւ իրական խորհուրդներ տալ մարդկանց, որոնք կ՛ուզեն գործ հիմնել Հայաստանի մէջ։ Անոր տեսլականն է քաջալերել հայկականը։ Ներկայիս մեր հիւրը կ՛աշխատի buyarmenian.com ընկերութեան մէջ՝ քաջալերելով հայկական արտադրութեան ապրանքները։ Լուսիի կարծիքով, մենք շատ մը հայկական արտադրութիւններ ունինք, եւ պէտք է մտնենք աշխարհի շուկաները։ Ան օրինակ կու տայ մեր հայկական գինիները , որոնք մրցանակներ շահած են։ Ան նաեւ օրինակ կուտայ Հայաստանի արտադրութեամբ  IT ու TEXTIL-ի ոլորտները։ «Իւրաքանչիւր հայ, որ կ՛ապրի այլ երկրի մէջ, պէտք է զգայ , որ ինք Հայաստանի դեսպանն է, այսպէս մեր երկիրը յառաջ կ՛երթայ եւ կը մտնէ երկրի շուկաները»,- կ՛ըսէ մեր հիւրը։ 

Երկրի փոփոխութիւնները պիտի ըլլան ներսէն եւ դուրսէն, մենք ամէն ձեւով պէտք է նեցուկ կանգնինք մեր երկրին, ոչ թէ տարին մէկ անգամ ցոյց ընելով։ Երկրի տնտեսութիւնը պէտք է զարգացնենք, մեր ժողովուրդը ինքնավստահութիւնը աւելնայ, որ կարող ենք մտնել աշխարհի շուկաներ։ Լուսիի կարծիքով,  քսան տարուան մէջ մեծ փոփոխութիւններ կան զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ , հիմա ունինք eco tourism, Ճամբաները նորոգուեցան վերջին երկու տարուան մէջ եւ եղան զգալի փոփոխութիւններ։

Լուսի կ՛ըսէ, թէ մէկ կողմ թողէք ռոմանթիք պատկերացումները ու Արարատի խաղաղ տեսարանները, Հայաստանը դեռ կը գտնուի սաղմնային վիճակի մէջ։ Մեր կառավարութիւնը երիտասարդ կառավարութիւն է։ Լուսիի հետ զրուցելով վստահ կ՛ըլլաք,  թէ ինք իսկական խորհրդատու է։

Կարդացեք նաև

Back to top button