ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 27, 2021

Այսօր առաւօտեան Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածին ատրպէյճանական Զինուած ուժերուն կողմէ շրջափակուած եւ գերեվարուած է Հայաստանի Զինուած ուժերու վեց զինծառայողներ։ Հանրութիւնը այսօր աւելի համախմբուած պէտք է ըլլայ մեր Զինուած ուժերուն, պետական համակարգերուն շուրջ. Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան այսօր Կառավարութեան նիստին անդրադարձաւ Գեղարքունիքի սահմանային հատուածին ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէն Հայաստանի Զինուած ուժերու վեց զինծառայողներու գերեվարման դէպքին:

«ՀՀ զինուած ուժերու 6 զինծառայողներ ՀՀ ինքնիշխան տարածքին մէջ կը կատարէին պետական սահմանի կահաւորման աշխատանքներ: Իրականացուած են ականապատման աշխատանքներ, զուգահեռաբար զգուշացնող նշաններու տեղադրում, տեղի ունեցած է մեր զինծառայողներու առեւանգում ՀՀ տարածքէն»- ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը: «Հայաստան պէտք է օգտագործէ բոլոր՝ այդ թիւին մէջ միջազգային լծակները իրադրութիւնը շտկելու եւ կարգաւորելու համար եւ մենք անհրաժեշտ բոլոր միջոցները ձեռնարկելու ենք» ,-ըսաւ Փաշինեան։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէն ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ ուժի կիրառումը եւ կ՛ընդգծէ, որ Ատրպէյճանական Զինուած ուժերու գործողութիւններուն եւ հետեւանքներուն պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը․ գերեվարուած հայ զինծառայողները պէտք է անյապաղ վերադարձուին․ յայտարարեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Կարդացեք նաև

Back to top button