ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 17, 2021

Երէկ մինչև ուշ երեկոյ բանակցութիւնները շարունակուեցան, Չորեքշ․ օր բանակցութիւնները կը վերսկսին: Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զինծառայողները պէտք է դուրս գան Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն, — ըսաւ Փաշինեան՝ այսօր գլխաւորած Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին։ Ան աւելցուց, որ պէտք է քաղաքական միջոցներով կարողանան հասնիլ խնդիրի լուծման:

«Ապրելու Արցախ» հիմնադրամի ստեղումը յայտարարեց Մանէ Թանդիլեանն ու Մեսրոպ Առաքելեանը, որուն նպատակը բացառապէս պիտի ըլլայ Արցախի մէջ տնտեսական զարգացման, կրթական, առողջապահական, ընկերային ծրագիրներու արդիւնաւէտ իրականացումը: «Պատերազմի ողբերգական հետեւանքները, մարդկային կորուստները անվերականգնելի են, սակայն մենք պարտաւոր ենք ապրեցնել Արցախը նաեւ յանուն իրենց կեանքը զոհած հայորդիներու յիշատակին ։ Մենք կը հաւատանք, որ բազմաթիւ նուիրեալներ պիտի միանան նախաձեռութեան»։ Գրած է Մանէ Թանդիլեան։

Երէկ Հռոմի Պապը մտահոգութիւն յայտնեց Սուրբ հողին վրայ տեղի ունեցած զինուած բախումներու առնչութեամբ եւ յայտարարեց , որ երեխաներու մահը այդ բախումներուն անթոյլատրելի են:: «Վերջին օրերուն զինուած բախումները Գազայի հատուածին եւ Իսրայէլի միջեւ շրջանակներէն դուրս եկած են: Բազմաթիւ մարդիկ տուժած են եւ շատ անմեղ կեանքեր ընդհատուած Եւ անոնց մէջ կան երեխաներ , սա սարսափելի և անընդունելի է»,-ըսած է Հռոմի Պապը իր կիրակնօրեայ պատգամին մէջ։

Կարդացեք նաև

Back to top button