
Ամերիկայի Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի 65 անդամները` կոչ ըրած են 100 մլն տոլար օգնութիւն յատկացնել Հայաստանին և Արցախին անցեալ տարուան թուրք-ատրպէյճանական աւերիչ յարձակումներէն յետոյ: Ինչպէս կը փոխանցէ Ամերիկայի «Հայ դատի» յանձնախումբը, Նամակին մէջ քոնկրէսականները նշած են. «Հայաստանի և Արցախի համար 2022 տարուան յատկացուելիք նիւթական օգնութիւնը խիստ կարեւոր է ժողովուրդին համար աւելի անվտանգ ապագայ ապահովելու, կայուն տնտեսական զարգացում ապահովելու եւ «Քովիդ-19»-ի դէմ պայքարելու հարցերուն մէջ երկրին աջակցելու համար»:
Ֆրանսական հեղինակաւոր Le Monde օրաթերթը յօդուած մը հրապարակած է՝ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը վտանգուած է», որտեղ կը պատմուի Մեխակաւանի եկեղեցւոյ եւ Շուշիի Կանաչ ժամի ոչնչացման մասին: «Հայկական յուշարձանները ոչնչացնելը նպատակ ունի ապագային երաշխաւորելու, որ այդ հողերուն վրայ հայկական ներկայութիւն չկայ»: Le Monde-ը նաև տեղեկացուցած է, որ Քորնէլի համալսարանէն «Caucasus Heritage Watch» ծրագիրով Արցախի տարածքը արբանեակով ուսումնասիրելու նախաձեռնութեան աշխատանքներ սկսած են: Ծրագիրը թույլ կու տայ ուսումնասիրելու մօտ 300-400 պատմամշակութային կոթող: Բացայայտումները շուտով հանրութեան դատին պիտի ներկայացնեն։
Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ գերիները Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէյի միջոցով երէկ տեսահաղորդագրութիւն փոխանցած են իրենց ընտանիքներուն: Կապի այս միջոցը առաջին անգամ կը գործարկուի,-լրատուամիջոցներուն յայտնած է Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէյի հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունին։





