
Հայաստանի հանդէպ տարածքային նկրտումներու վերաբերեալ բարձրաձայնումը լրջագոյն կասկածի տակ կը դնէ Ատրպէյճանի պատրաստակամութիւնը խաղաղութեան հաստատման հարցին մէջ և նպատակաուղղուած կը վտանգէ տարածաշրջանային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը:
ՀՀ վարչապետի մամլոյ քարտուղարը յայտնեց անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի և Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի՝ Պաքուի մէջ հնչեցուցած յայտարարութիւններուն: Այդ յայտարարութիւնները աւելի այժմէական կը դարձնեն արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչումը՝ որպէս արցախահայութեան նկատմամբ ատրպէյճանական ցեղասպան նոր նկրտումները կանխելու միջոց:
Ըսաւ Վարչապետի խօսնակը։ Հայաստան- Եվրամիութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի երրորդ նիստին մասնակցելու նպատակով 2020 թուականի Դեկտեմբեր 16-18-ը Պրիւքսէլ կը գործուղուի կառավարական պատվիրակութիւն:
Պրիւքսէլի մէջ նախօրէին մեկնարկեց Եվրամիութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն երկօրեայ գագաթաժողովը, որուն օրակարգին ընդգրկուած շարք մը հրատապ թեմաներէն է նաև Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներու կիրառման հարցը։
Եւ գագաթաժողվի ընթացքին որոշում կայացած է պատժամիջոցները ընդլայնելու Թուրքիոյ հանդէպ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ իր գործողութիւններուն պատճառով։ Եվրամիութիւնը մտադիր է Թուրքիոյ վերաբերող որոշումներն ու գործողութիւնները համադրել Միացեալ Նահանգներուն հետ:




