
Խոր վիշտով կը տեղեկանանք, որ կեանքէն հեռացած է 74 ամեայ Թ. Ալթունեանի անուան երգի-պարի պետական անսամպլի գեղարուեստական ղեկավար, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ժիրայր Ալթունեանը։
Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հայ երաժշտական արուեստի զարգացման, մաքրամաքուր մատուցման և պահպանման գործին: Ոչ միայն Հայաստանի այլև արտասահմանի մէջ ապրող հայութեան համար։
Ժիրայր Ալթունեան ծնած է 1946 թուականի Օգոստոս 23-ին Երեւանի մէջ:

Եղած է 1974-1990 թթ.՝ Թ. Ալթունեանի անուան երգի-պարի պետական համոյթի՝ որպէս գլխաւոր խմբավար: Ժիրայր Ալթունեանի մասնագիտական կենսագրութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ սփիւռքը. հայ համայնքներու երգչախումբերուն համար իր ստեղծած ծրագիրները իւրայատուկ երանգներով օժտուած են:
1990-2002 թուականներուն ան հրաւիրուած է Սուրիա և Իրան , ղեկավարելու Հալէպի՝ «Սպենդիարեան», Դամասկոսի՝ «Քնար» եւ Թեհրանի՝ «Արարատ» երգչախումբերը։
Ժիրայր Ալթունեան 2004 թուականէն մինչ օրս հանդիսացած է Թ. Ալթունեանի անուան երգի-պարի պետական համոյթի գեղարուեստական ղեկավարը:
ԱՆ համոյթի բազմաթիւ երգերու, պարերու գործիքաւորման հեղինակ է: Անոր աշխատանքները նոր մտածողութեան արդիւնք են՝ միաժամանակ կրելով ժամանակի շունչն ու աւանդականի լաւագոյն յատկանիշները:
Ժիրայր Ալթունեանի անսպառ թեւաւոր միտքերը յաւերժ կը մնան մեր սրտերուն մէջ, կ՛ապրեցնեն ու կ՛ոգեշնչեն, որ սա՛ է Ազգանուէր, հայապահպան եւ արարող Հայու տեսակը։
Խունկ ու աղօթք իր յիշատակին։




