ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 10 Յունուար. 2024

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդուենց Յունաստանի պատուիրակութիւնը եւ ներկայացուց Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, խաղաղութեան գործընթացի մանրամասները, խնդիրները եւ Հայաստանի նախաձեռնութիւնները, մասնաւորապէս «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը:

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Զինուած ուժերու Գերագոյն շտապի պետ Էդվարդ Ասրեան այցելեց 2-րդ բանակային ստորաբաժանում, հանդիպեցաւ հրամանատարական կազմին հետ, կը յայտնեն Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Ֆրանսայի նոր վարչապետ Գաբրիէլ Աթալ շուտով իր պաշտօնավարման առաջին այցելութիւնը կը կատարէ երկրի հիւսիսը, ջրհեղեղներէն տուժած շրջան:

Կարդացեք նաև

Back to top button