ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 29, 2021

Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհաւորած է Հայաստանի ժողովուրդը եւ Նիկոլ Փաշինեանը խորհրդարանական բարեյաջող ընտրութիւններուն առիթով, Սպիտակ տան ղեկավարը գրած է, «Հայաստանի հետ մեր գործընկերութիւնը հիմնուած է ընդհանուր արժէքներու վրայ՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու եւ հակամարտութեան կարգաւորման ոլորտներուն եւ մենք պատրաստ ենք զօրացնել այդ համագործակցութիւնը»,- ըսուած է Ամերիկայի նախագահին թուիթրեան գրառման մէջ:

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ու ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Քրանթին քննարկած են փախստականները Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձնելու հարցերը։ Տեղեկությունը կը յայտնէ Ռուսաստանի մամլոյ ծառայութիւնը։ Կը նշուի, որ կողմերը քննարկած են փախստականներուն եւ ժամանակաւոր տեղահանուած անձերուն Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից շրջաններ վերադարձնելու հարցերը ՝ համաձայն Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն` 2020 թուականի Նոյ․ 9-ի յայտարարութեան։

Այսօր Վարանտայի շրջանին մէջ որոնողական աշխատանքներու ընթացքին փրկարարները տարհանած են 3 աճիւն եւս: կը յայտնեն Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն։

Կարդացեք նաև

Back to top button