
• Ականանետային կրակոցի պայթումին հետեւանքով տուժածներու կեանքին վտանգ չսպառնար․ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն։
• Ամերիկան յոյս ունի որ խաղաղութեան համաձայնագիր կը ստորագրուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։
• Արամ Ա․Կաթողիկոսը կոչ ըրած է վերջ տալու Հայաստանի մէջ ստեղծուած անառողջ մթնոլորտին։
• ՄԱԿ-ը յոյս ունի, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ առկայ անհամաձայնութիւնները օրէնքով կը լուծուին ։
• Ֆրանսայի նախագահը երեք օրուան պետական այցով Անգլիա կը գտնուի։ • Ռուսաստանը Ուքրանիոյ վրայ արձակած է պատերազմի ընթացքին ամենամեծ թիւով՝ 728 անօդաչու սարք։
• Արժանթինի մայրաքաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հարաւային Ամերիկայի ԹՈՒՄՕ առաջին կեդրոնին։





