
• Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը ամբողջովին կը համընկնի Չինաստանի «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ»-ին հետ. Միրզոյեան։
• Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն արդէն կայ. Հաճիեւ։
• Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը Կութերեշի հետ քննարկած է անվտանգային իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։
• Թուրքիան կողմնակից է տարածաշրջանի բոլոր հարցերը դիւանագիտական ճանապարհով լուծելու։
• Նեթանիահուն Թրամփին յայտնած է, որ զայն Նոպէլեան մրցանակի կ՛առաջադէ։
• Ամերիկան Սուրիան կառավարող «Թահրիր աշ Շամ» խմբաւորումը հանած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկէն։
• Ամերիկան պիտի վերսկսի զէնքի մատակարարումները Ուքրանիոյ։
• Ռուսաստան պատրաստ է Իրանէն արտահանել հարստացուած ուրանի աւելցուկը. Լաւրով։
• Թեքսասի հեղեղներուն պատճառով զոհերու թիւը հասած է 104-ի։





