
• Կառավարութիւնը հաստատեց ծառայութեան ընթացքին զոհուած զինծառայողի ծնողներուն վերարտադրողական առողջութեան աջակցող նախագիծը:
• Փարիզի մէջ բանակցութիւններ եղած են Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Ուքրանիոյ միջեւ։
• Ուքրանիան եւ Ամերիկան յուշագիր ստորագրած են օգտակար հանածոներու պայմանագիրի վերաբերեալ։
• Մոսկուայի մէջ հանդիպած են Փութինն ու Արաքչին։
• Թրամփ ցաւալի համարած է Ֆլորիտայի հրաձգութիւնը, սակայն զենքի նկատմամբ վերահսկողութիւնը չի խստացներ։
• Առաջարկուած է Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանը ընդգրկել ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի՝ Հռչակաւոր մարդոց 2026-2027 թուականի Օրացոյցին մէջ։
• Աւագ Ուրբաթ երեկոյեան եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Թաղման կարգ։ Սուրբ Յարութեան տօնը կամ Զատիկը Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին պիտի նշէ 20 Ապրիլին ։





