
• Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով Միւնիխ մեկնած է։ Վարչապետը պիտի մասնակցի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի բացման արարողութեան։
• Միւնիխի համաժողովին Ամերիկայի պաշտօնեաները պիտի հանդիպին Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչներուն հետ. ըսած է Թրամփ։
• Փարիզի քաղաքային խորհուրդը միաձայն կոչ ընդունեց «Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուած Լեռնայի Ղարաբաղի նախկին առաջնորդներու մտահոգիչ իրավիճակի վերաբերեալ»։
• Սուրիոյ խորհրդարանը պիտի ցրուի, նոր սահմանադրութիւն պիտի ընդունուի եւ նոր ընտրութիւններ պիտի ըլլան։
• Այսօր Սուրբ Սարգիսի տօնն է։ Երէկ՝ Գարեգին Բ․կաթողիկոսը վառեց Տեառնընդառաջի խարոյկը։





