
• Էլիզէի պալատէն ներս կայացաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը։
• Նախատեսուած է Հայաստանի մէջ բարելաւել արհեստական բանականութեան ենթակառուցուածքները։
• Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանային անցակէտի բացման հարցով այս պահուն զարգացումներ չկան. Արտաքին գործոց նախարարութիւն։
• Յորդանան գետի արեւմտեան ափը եւ Կազայի հատուածը վաճառքի կամ փոխանակման ենթակայ չեն. Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարարութիւն։
• Թրամփի յատուկ բանագնացը 20 Փետրուարին Ուքրանիա պիտի մեկնի։
• Մեծանուն գրող՝ Հրանտ Մաթէոսեանի ծննդեան 90-ամեակին առիթով՝ միջոցառումներ տեղի պիտի ունենան այսօր եւ վաղը:





