Հասարակություն

Արեւմտահայերէն լուրեր 28 Նոյեմբեր. 2024

Հայաստանը աշխարհի 8-րդ տեղը գրաւեց ամէնէն ապահով երկիրներու տասնեակին մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի հաստատումը: Հայաստան Հունգարիոյ մէջ դեսպանատուն պիտի բանայ. Կառավարութիւնը որոշումին հաւանութիւն տուաւ։ Լոս Անճելըսի մէջ հայ մասնագէտներու խումբը պատրաստ է աջակցելու Երեւանի մէջ փոխադրամիջոցներու կառավարման կեդրոնի ստեղծման։ Պայտըն Նեթանիահուն յորդորած է Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու շուրջ համաձայնագիր կնքելու Լիբանանի մէջ հրադադարէն յետոյ։ Աւստրալիոյ արեւմտեան ափին՝ անտառային հրդեհներ են։

Կարդացեք նաև

Back to top button