ԿարևորՀասարակությունՌեպորտաժներ

Լիբանանէն Հայաստան ժամանեցին Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան խորհուրդի բժիշկները

Անի Զէյթունցեան
Հանրային Ռատիօ

Լիբանանէն ետք Հայաստան  ժամանեցին Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան խորհուրդի բժիշկները։ Սոյն նախաձեռնութեան գործնապէս նեցուկ կանգնող խումբ մը կամաւոր հայ թէ օտար բժիշկներով՝  գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի։

Լիբանանի մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց վերոյիշեալ խորհուրդի բժիշկները։ Հայրապետը բարձր գնահատեց այսպիսի աշխատանքի մը նախաձեռնութիւնը։ Լիբանանահայ ժողովուրդի եւ անոնց կարիքներու կողքին կանգնելու նպատակով, երբ երկիրը կը դիմագրաւէ ընկերային, տնտեսական ու բժշկագիտական լուրջ մարտահրաւէրներ ու դժուարութիւններ։

Հայաստանի հանրային ռատիոյի մեր հիւրն էր վերոյիշեալ խումբին մաս կազմող վիրաբոյժ՝ տոքթ․ Վան Պօողոսեանը։  Տոքթ․ Վան նախ անդրադարձաւ Պէյրութի հայերու մասին․ «Բարեբախտաբար, հայկական շրջանները զարկ չկայ, սակայն պատերազմը գէշ անդրադարձ կը ձգէ  ժողովուրդին վրայ․ մենք գացած էինք բժշկական օգնութիւն հասցնելու Լիբանանի հայութեան , ժողովուրդը գէշ վիճակի մէջ է, քանի որ բաւարար բժիշկներ չկան»։

Տոքթ․ Վանի արմատները Սասունէն են, ան ծնած եւ ուսանած է Հալէպի մէջ, ապա շրջան մը ապրած է Քուէյթ, իսկ մանագիտութիւնը ըրած է Ամերիկայի մէջ։ Մեր հիւրը խօսեցաւ մասնագիտական ոլորտէն ներս նրբութիւններու մասին։ Ան մասնագէտ է գիրութեան դէմ ստամոքսային վիրահատութիւններու ։

Այս անգամ թէեւ բժշկական խումբին թիւը փոքր էր, ամէն բժիշկները կամաւոր են հայ թէ օտար, որոնք բարդ վիրահատութիւններ կատարեցին։ «Յուսանք շուտով Հայաստանի մէջ կը սկսի ռոպոթային վիրահատութիւնը, վիրահատութիւններու մեծ մասը ռոպոթներով կ՛աշխատինք։ Հիմնական  նիւթականի հարցն է, մեր փորձառութիւնը կը բերենք մեր հետ այստեղի բժիշկներուն»։ Այս անգամ տեսական դասախօսութիւններով հանդէս եկած է մեր հիւրը՝ տոքթ․ Վան Պօղոսեան։

«Երբոր կու գամ Հայաստան, միշտ խանդավառուած կ՛ըլլամ , աս իմ հայրենիքս է․․. կու գամ հայրենիքիս ծառայելու»,-  ըսաւ տոքթ, Վան Պօղոսեան։

Հայաստանի մարզային շրջաններուն մէջ մեծ ներդրում ունի Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան խումբը , որոնք ամէն տարի Սեպտեմբերին կը ժամանեն հայրենիք։

Կարդացեք նաև

Back to top button