
Հանրապետութեան նախագահը եւ վարչապետը ներկայ գտնուեցան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն տարեկան աշխատաժողովի մեկնարկին։ ՀԲԸՄ նախագահը կոչ ըրած է Ամերիկայի պետական քարտուղարին ապահովել բոլոր հայ գերիներու ազատ արձակումը Ատրպէյճանէն։
Այսօր Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարը Թուրքիա պիտի այցելէ։ Պայրամով եւ Ֆիտան Անգարայի մէջ պիտի քննարկեն Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը: Նեթանիահուի գրասենեակը հաստատած է Երուսաղէմի Տաճարի լերան ներկայ իրադրութեան անձեռնմխելիութիւնը: Սեպտեմբեր 3-ին պիտի սկսի Երեւան-Թիֆլիս-Երեւան շոգեկառքը։




