ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 1 Օգոստոս. 2024

Զուարթնոց միջազգային օդակայանին մէջ ռուս սահմանապահներուն կողմէն անձնագրային վերահսկողութիւն այլեւս չիրականացուիր։ Հայ սահմանապահներուն բարի եւ անվտանգ ծառայութիւն մաղթեց Ազգային ժողովի նախագահը: Ալեն Սիմոնեան գրառում կատարած է դիմատետրին մէջ։

Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցածին հետեւանքով հայեր չկան տուժածներուն մէջ: Այդ մասին յայտնեց Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր՝ Անի Պատալեան: Ինչպէս արդէն յայտնած ենք, իսրայէլի ուժերը գնդակոծեցին Պէյրութի հարաւային արուարձանը: Ըստ լրատուամիջոցներուն՝ կան զոհեր եւ տուժածներ:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները կոչ ըրած են միջազգային ջանքեր եւ ճնշում գործադրելու ՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տարածաշրջանային մեծ պատերազմը կանխելու համար:

Կարող ենք բանալ Հայաստանի հետ սահմանը, եթէ հայ-ատրպէյճան յարաբերութիւնները կարգաւորուին. Այս մասին Sabah թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։

Back to top button