
Ամերիկայի Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուեր Երեւան ժամանեց։ Միացեալ Նահանգները կը վերահաստատէ իր հաստատակամ աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարութեան, տնտեսական դիմակայունութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթըն կը մեկնի՝ Յուլիս 9-10 կայանալիք ՆԱԹՕ- գագաթաժողովին մասնակցելու: Հայաստանի Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան բանբեր՝ Անի Բադալեան տեղեկացուց, որ Ոեաշկթընի մէջ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն չկայ։
Յուլիս 9-ին Ուքրանիոյ մէջ սուգի օր յայտարարուած է։ Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտըն դատապարտեց Ուքրանիոյ վրայ կատարուած յարձակումը։ Յուլիս 8-ին ռուսական ուժերու կողմէն ուքրանական տարբեր քաղաքները հրթիռակոծութեան պատճառով զոհերու թիւը հասած է 41-ի, 170-է աւելի վիրաւոր կայ։




