Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 02 Յուլիս. 2024

Երեւանն ու Պաքուն խաղաղութեան հասնելու բացառիկ հնարաւորութիւն ունին, յայտարարեց Ամերիկայի պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքընը։ Ըստ Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեային՝ հայ – ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը «վերջ պիտի դնէ տասնամեակներու հակամարտութեան», «հսկայական տնտեսական կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ» տարածաշրջանին մէջ:
Հրապարակուեցաւ «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայեր չկան» զեկոյցի ամփոփագիրը, զեկոյցը պատրաստուած է «Freedom House»ի կողմէն, որ կը փաստէ, թէ ինչպէ՛ս Արցախի բնակչութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ միտումնաւոր կերպով ենթարկուեցաւ պարբերական յարձակումներու, շրջափակման եւ ահաբեկման, որոնց պատճառով Արցախի հայ բնակչութեան հիմնարար իրաւունքները կոպտօրէն խախտած են:
Թէ՛ Ամերիկայի պետական քարտուղարը, թէ՛ պետական քարտուղարի օգնականը կը շարունակեն կեդրոնացած մնալ Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակելու խնդիրին վրայ, ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարեց Ամերիկայի փոխ խօսնակ Վետանթ Փաթել։

Կարդացեք նաև

Back to top button