Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 14 Յունիս. 2024

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, թէ Յունիս 14-ին՝ ժամը 07:15-ի սահմաններուն, Հայաստանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի հարաւ-արեւմտեան հատուածին տեղակայուած ատրպէյճանի դիրքերուն ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան, կը յայտնեն Պաշտպանութեան նախարարութենէն ։ Այսօր՝ Յունիս 14-ին Բաղրամեան պողոտան կը բացուի։ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան երէկ բողոքի գործողութեան մասնակիցներուն ըսած է ․ «իրենք սպառած են 4 օրերու շրջանը»։ Ատրպէյճանի մէջ կալանաւոր Ռուբէն Վարդանեանի միջազգային փաստաբանական խումբը Յունիս 13-ին հրատապ դիմում ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներու դէմ կոմիտէի յատուկ զեկուցողին՝ յորդորելով դատապարտել Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէն Ռուբէն Վարդանեանի դէմ կատարուող խոշտանգումներն ու դաժան վերաբերմունքը։

Back to top button