ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 7 Յունիս. 2024

Երեւան-Սեւան ճամբուն՝ կազի լցակայանին մէջ պայթում՝ ապա հրդեհ բռնկած է։ 7 անձ տուժած է, նախնական տուեալներով զոհեր չկան․ յայտնեց Ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Նարեկ Սարգսիսեան։ Յունիս 7 ի առաւօտեան Ժամը 08։20-ի դրութեամբ պայթումի վայրը բաց կրակ չկայ։ Տուժածներէն 2 ին վիճակը ծանր է։

«Ապօրինի կառուցուած որեւէ կազապենզալցակայան Երեւանի մէջ պէտք չէ ըլլայ», ըսած է քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած է պայթումին պատճառով տուժած քաղաքացիներուն։

Երեւանեան Գինիի Օրեր փառատօնը՝ այսօր երեկոյեան պիտի սկսի Մոսկովեան-Սարեան-Թումանեան փողոցներու խաչմերուկին ։ Հունիսի 7, 8, 9 Ժամը 16։00-էն մինչեւ 22։30։

Կարդացեք նաև

Back to top button