
Աղէտի գօտիին խմելու ջուրին մէջ ախտածին մանրէ չէ յայտնաբերուած։ Մ-6 միջ-պետական ճամբու բոլոր փլուզուած հատուածներուն լիցք կատարուած է, այժմ մեքենաները կարող են անցնիլ։ Ալեն Սիմոնեան պաշտօնական այցով Սլովենիա կը գտնուի: Խորհրդարանի ղեկավարը հանդիպած է այդ երկրի փոխվարչապետին, նաեւ Սլովենիոյ իր գործընկերոջ հետ:
Այլ հարցերու կողքին կարեւոր նկատուած է Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Եւրամիութիւն վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան մեկնարկը։ Հայաստան առաջին անգամ պիտի ներկայացուի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան EUROSATORY ցուցահանդէսին, որը տեղի պիտի ունենայ 2024 թուականի Յունիս 17-էն 21, Փարիզի մէջ։ Մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Պալէի փառատօնը, այսօր Յունիս 5-ին՝ Թիֆլիսի թատրոնին ծրագիրով կ՛եզրափակուի։




