
Հայաստան եւ Ատրպէյճան իւրաքանչիւրը միւսին Սահմանադրութեան մէջ էական խնդիրներ ու խոչընդոտներ կը տեսնէ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար, Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։
Ամերիկայի նախագահին՝ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէք Սալիվըն զրուցած է Թուրքիոյ նախագահին արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գլխաւոր խորհրդական, դեսպան Աքիֆ Չագաթայ Քըլըչի հետ՝ քննարկելով հայ-ատրպէյճան կարգաւորումը։
Վարչապետին գլխաւորութեամբ քննարկուեցաւ «Ակադեմիական քաղաքի» գլխաւոր յատակագիծը: Նախագծող ընկերութեան փոխ տնօրէն Թոպիաս Քէյլ ներկայացուց նախորդ դիտարկումներուն եւ առաջարկներուն հիման վրայ իրականացուած փոփոխութիւնները։
Գիշերը Վրաստանի հիւսիսը 5,4 աստիճան երկրաշարժ մը պատահեցաւ։ Այս մասին հաղորդեց Sputnik գործակալութեան վրացական ծառայութիւնը։




