Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 22 Մայիս. 2024

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Իրանի իսլամական հանրապետութիւն ժամանեց՝ մասնակցելու Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսիի, Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահիանի եւ ուղեկցող միւս պաշտօնեաներուն հրաժեշտի արարողութեան, որոնք զոհուեցան ուղղաթիռի արկածին հետեւանքով։ Վարչապետ Փաշինեան ուղերձ մը յղեց Հայաստանի Ազգային հերոս՝ Շարլ Ազնաւուրի 100-րդ տարեդարձին առիթով։ ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ, երգահան, բանաստեղծ, գրող, դերասան եւ հասարակական գործիչ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան օրն է։ Այսօր Ազնաւուր 100 տարեկան պիտի դառնար։ Նեթանիահուն եւ անոր յուսահատ կառավարութիւնը կը շարունակեն ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը՝ վտանգելով սեփական քաղաքացիներու անվտանգութիւնը․ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան։

Back to top button