Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 16 Ապրիլ. 2024

Հայաստանի մէջ Եւրամիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան միացած է գանատացի առաջին փորձագէտը, «Գանատան կ՛աջակցի Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան։»,- ըսուած է առաքելության X-ի հարթակին գրառման մէջ։ Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Ղազախստանի Նախագահ Քասիմ-Ժոմարտ Թոքաեւ այցելեց Մաշտոց Մատենադարան։ Ղազախստանի նախագահը ծանօթացած է հայկական ձեռագրական ժառանգութեան եւ նորաբաց օտար լեզուով ձեռագիրներու ցուցադրութեան: Զօրեան ինստիտուտը կը մասնակցի «Ցեղասպանութեան իրազեկման շաբաթ» միջոցառումին, որն այս տարի կ՛ընթանայ Արիզոնայի պետական համալսարանին մէջ Ապրիլ 15-19։ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանտունը Ապրիլ 17-ին, կազմակերպած է Սուրիոյ անկախութեան 78-րդ տարեդարձին նուիրուած համերգ՝ Ա.Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի սիմֆոնիկ նուագախումբին մասնակցութեամբ, խմբավարը՝ Դամասկոսէն յատուկ ժամանած Միսաք Պաղպուտարեանն է։

Back to top button