
Այսօր՝ 5 Ապրիլ 2024-ին ժամը 14։00-ին Պրիւքսէլի մէջ՝ Նիկոլ Փաշինեանի, Ամերիկայի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Եւրոպայի յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյենի եռակողմ հանդիպումն է : Թէեւ ինչպէս պաշտօնական Երեւանը, այնպէս ալ Ուաշինկթընը եւ Պրիւքսէլը շեշտեցին, որ եռակողմ հանդիպումը նուիրուած է Հայաստան-Եւրամիութիւն-Ամերիկա համագործակցութեան ամրապնդման, մինչ՝ Պաքուն, Մոսկուան եւ Անգարան իրենց դժգոհութիւնը բարձրաձայնեցին: Ամերիկայի սենաթորները նամակ յղած են Ամերիկայի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին՝ կոչ ընելով Պայտընի վարչակազմին՝ որպէս բանակցութիւններու նախապայման, առաջնահերթութիւն տալ հայ ռազմագերիներու եւ Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակումը, որոնք ապօրինաբար կալանաւորուած են Ատրպէյճանի կողմէն։ Երուսաղէմի մէջ Ֆրանսայի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է քաղաքի հայկական թաղամասին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերով։




