ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 04 Ապրիլ. 2024

Ամերիկայի պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքըն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի հետ խաղաղ գործընթացը առաջ մղելու կարեւորութիւնը՝ զգուշացնելով, որ յարձակողապաշտ գործողություններն ու հռետորաբանութիւնը կը խաթարեն խաղաղութեան հասնելու հեռանկարները։

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը Իսրայէլի ոստիկանութենէն եւ կառավարութենէն պատասխաններ կը պահանջէ «Կովերու պարտէզին մէջ» կատարուածին համար։ Իսրայէլի ոստիկանութիւնը Ապրիլի 3-ին ապօրինի տեղահանում սկսած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան «Կովերու պարտէզ» կալուածքէն՝ ոչնչացնելով Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի գոյքը եւ յարձակելով հոգեւորականներուն եւ տեղացի հայերուն վրայ:

Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի հետ աշխատանքը շատ կառուցողական կ՛ընթանայ։ Լրագրողներուն հետ զրուցին մէջ այս մասին ըսած է Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օւերչուք։

Կարդացեք նաև

Back to top button