Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 28 Մարտ. 2024

Պրիւքսէլի մէջ 5 Ապրիլին նախատեսուած բարձր մակարդակի հանդիպումը յատկացուած պիտի ըլլայ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ համագործակցութեան ամրապնդման եւ որեւէ երրորդ կողմի դէմ չէ ուղղուած եւ չի կրնար ուղղուած ըլլալ։

Ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան, արձագանգելով Ատրպէյճանէն հնչող յայտարարութիւններուն։ Ամերիկայի վարչակազմը ներկայացնող պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ամերիկայի Միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Սամանթա Փաուըր նոյնպես պիտի մասնակցին Հայաստանի, Ամերիկայի եւ Եւրամութեան միջեւ կայանալիք եռակողմ հանդիպման։ Այդ մասին յայտնեց Պետական քարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մեթիւ Միլլըր: Աւագ Հինգշաբթի օր Ոտնլուայի արարողութիւն կը կատարուի իսկ երեկոյեան՝ Խաւարում, որը կը վերաբերի Աւագ Ուրբաթին։

Back to top button