ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր 25 Մարտ. 2024

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Յունաստանի հանրապետութեան վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսին՝ ազգային տօնին առիթով:

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Կոբախիձէն այսօր պաշտօնական այցով Հայաստան կը ժամանէ։ Ան հանդիպոում կ՛ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին հետ։

Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան ելոյթ ունեցաւ Ժնեւի մէջ ընթացող Միջխորհրդարանական միութեան 148-րդ վեհաժողովին։ Ելոյթը սկսելէն առաջ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը դատապարտեց Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհուածներու հարազատներուն, իսկ վիրաւորներուն մաղթեց շուտափոյթ ապաքինում:

Մեծ Պահքին անմիջապես յաջորդող շաբաթը կը կոչուի Աւագ Շաբաթ եւ կ՛ընդգրկէ Փրկիչի երկրային կեանքի վերջին կարեւորագոյն իրողութիւնները` յաղթական մուտքը Երուսաղէմ (Ծաղկազարդ), Վերջին Ընթրիքը, Մատնութիւնը, Չարչարանքները, Խաչելութիւնը, Մահը, Թաղումը եւ ի վերջոյ Յարութիւնը` Ս. Զատիկը, որն այս տարի պիտի նշուի 30 Մարտ 2024ին։

Back to top button